Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պիտի մնայ իր կազմին հետ:
Ան յայտնեց, որ այս ձեւով կու գայ վերջ դնելու իր մասին շրջան ընող լուրերուն, ըստ որոնց, ինք պիտի միանար այլ խումբի մը` լքելով արքայական ակումբը:
Ան ըսաւ, թէ եթէ իր կամքով ըլլար, ինք պատրաստ էր ցմահ ստորագրելու ակումբին տոմարներուն վրայ:
Եզրափակելով ասուլիսը ան յայտնեց, որ իր եւ Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի միջեւ ոչ մէկ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի եւ այն, ինչ որ կը գրուի մամուլին մէջ, երբեք իրականութեան չի համապատասխաներ:



