
Անգլիական «Տը Միրըր» օրաթերթին համաձայն, այս ամրան ընթացքին, երբ սկսին մարզիկներու փոխանցումները, Արսենալ պիտի ծախէ իր կարգ մը մարզիկները:
Անոնց կարգին են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, Մեսութ Էօզիլ եւ Շքոտրան Մուսթաֆի:
Նշուեցաւ, որ Արսենալի ղեկավարութիւնը գլխաւոր մարզիչ սպանացի Ունայ Էմերիի տրամադրութեան տակ դրած է ընդամէնը 40 միլիոն սթերլինկ: Այս իրողութենէն մեկնելով, կարգ մը մարզիկներ պիտի ծախուին, որպէսզի կարելի ըլլայ փոխանցման պիւտճէն մեծցնել:
Արսենալ 2019-2020 տարեշրջանին դարձեալ ելոյթ պիտի ունենայ «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքէն, որովհետեւ «փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը:


