«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ Թորոնթոյի մէջ, աւարտեցաւ հիւր կազմին` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի յաղթանակով: Անիկա կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 106-105 արդիւնքով յաղթեց Ռեփթըրզին:
Ուորիըրզի պարտութեան պարագային, Ռեփթըրզ պիտի հռչակուէր 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ նախքան այս մրցումը, 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէր Ուորիըրզին: Այժմ Ուորիըրզ արդիւնքը կրճատած է 3-2-ի:
Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 31 կէտ, մինչ Ռեփթըրզէն Քաուհի Լէոնարտ` 26 կէտ: