Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը կը սկսի 14 յուլիսին` Հայաստան – Սպանիա բացման մրցումով, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 18:45-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Իտալիոյ դէմ (17 յուլիս), որմէ ետք պիտի մրցի Փորթուգալի դէմ (20 յուլիս):
Կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան 24 յուլիսին, իսկ աւարտական մրցումը` 27 յուլիսին: