Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Մհեր Մարկոսեան թէեւ հասաւ 86 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտական հանգրուանին, սակայն 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր վրացի մրցակիցէն, հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Նշենք, որ այս մետալը Հայաստանի համար եղաւ չորրորդը Հրաչեայ Մարգարեանի (ոսկի), Արման Անդրէասեանի եւ Արման Աւագեանի (երկուքն ալ պրոնզ) տիրացած մետալներէն ետք: