Մարզական

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ֆութպոլիստներուն Տասնեակը

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի 20 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Մպափէ աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլիստն է, կը յայտնէ «Սի. Այ. Ի. Էս. ֆութպոլ Օպսըրվաթորի»: Հետազօտական կեդրոնը ֆութպոլիստներու տարիքին, անոնց խաղացած դիրքին, ակումբներու եւ ազգային խումբերու արդիւնքներուն, տիտղոսներուն եւ ախոյեանութեան խաղամակարդակի տուեալներու վերլուծութեան արդիւնքներուն հիման վրայ կազմեց լաւագոյն խաղացողներուն այդ ցանկը, ըստ անոնց փոխանցման գինին: Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ...

Երկուշաբթի, 17 Յունիսին Տեղի Կ՛ունենայ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը` Մարզիչներու Դասընթացքներուն Գծով

Յատուկ դասաւորումով եւ կարգադրութեամբ «Սթեփ Ըհետ Սփորթ Սքուլ»-ի գլխաւոր մարզիչ Ֆուատ Ժըրժեսի, երկուշաբթի, 17 յունիսին, «Չեմփս» ակումբին մէջ (Հազմիէ) տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարուի մարզիչներու յատուկ դասընթացքի մը մասին, որուն պիտի հսկէ եւ մարզիչներուն յատուկ ուղղութիւններ եւ ցուցմունքներ տայ սերպ հանրածանօթ մարզիչ Զելքօ Օպրատովիչ: Նշենք, որ այս դասընթացքը` հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, առաջին անգամ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Ազգային Խումբի Խմբապետ Հասան Մաաթուք Ընտրուեցաւ Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ազգային Խումբի Խմբապետ Հասան Մաաթուք Ընտրուեցաւ Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

«Ռիսալաթ» սրահին մէջ (Ղըպէյրի) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին կատարուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստի ընտրութիւնը: Երեկոյին ներկայ գտնուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռեմոն Սըմաան, ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահաֆ, ֆութպոլի պատասխանատուներ, ակումբներու նախագահներ, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ, Նըժմէ ակումբին մաս կազմող Հասան Մաաթուք ընտրուեցաւ լաւագոյն...

Պասքեթպոլ. Դրամատուներու Մրցաշարք. «Աուտէ» Դրամատունը Տիրացաւ Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, 9 խումբերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ընկերութիւններու պասքեթպոլի 9-րդ մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ Սաժես Հայ Սքուլ վարժարանին մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` «Աուտէ» դրամատան եւ «Տար Հանտասէ» խումբին միջեւ: 72-53 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով` «Աուտէ» դրամատունը տիրացաւ տիտղոսին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճօ Թալըժ նշանակեց 21 կէտ: Աւարտին տեղի ունեցաւ...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». 13-14 Սեպտեմբերին` Լիբանան – Ուզպեքիստան

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 13-14 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանան - Ուզպեքիստան մրցումը, որ կ՛իյնայ թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին ծիրին մէջ: Յաղթական խումբը պիտի ապահովէ թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իր տոմսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 18 երկիրներ: Լիբանան - Ուզպեքիստան ճակատումը տեղի պիտի ունենայ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի դաշտերուն վրայ (Քասլիք):

Պասքեթպոլ. Ռիատի Եւ Շանվիլ Լիբանանը Պիտի Ներկայացնեն Տուպայի Մէջ

3-13 սեպտեմբերին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի պիտի ունենայ Տուպայի պասքեթպոլի տարեկան միջազգային մրցաշարքը: Այս մրցաշարքին Լիբանանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Ռիատի եւ Շանվիլ: Մասնակցող խումբերուն կարգին են նաեւ Պոքա Ժունիորզ (Արժանթին), Ֆլամենկօ (Պրազիլ), «Կարմիր աստղ» Պելկրատ (Սերպիա), Պենֆիքա (Փորթուգալ), Ֆորթիտօ (Իտալիա), Ալասքա (Ֆիլիփեաններ), Շապապ Ահլի եւ Նասըր (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Բացման մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պոքա Ժունիորզ եւ...

Հայկական Ֆութպոլ. Հիմնուեցաւ Անի Ֆութպոլի Ակումբը

Հայկական լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի մէջ հիմնուեցաւ ֆութպոլի նոր ակումբ մը` Անի անունով: Նշուեցաւ, որ ակումբին սեփականատէրն է անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Խորէն Յովհաննիսեան, իսկ փոխնախագահը` Ժորա Յովհաննիսեան: Փաստաթղթային հարցերը լուծուած ըլլալով, Անի պիտի մասնակցի Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին: Նախապէս հիմնուած էին Թորփետօ Երեւան, Արագած եւ Վան ֆութպոլի ակումբները:  

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Հաւաքականը Սկսաւ Նախապատրաստուելու

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը սկսաւ նախապատրաստուելու Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն: Հայրենի կազմը 12-20 յունիսին պիտի կատարէ մարզական հաւաք` նախապատրաստուելու համար 14 եւ 16 յունիսին Պիելոռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական երկու մրցումներուն: Ուսումնամարզական հաւաքին վերջին օրը Հայաստանի հաւաքականը բարեկամական այլ մրցում մըն ալ պիտի կատարէ Հայաստանի 2005-ի ծնունդ տղոց...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ալաշկերտ Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Բերէ Զտումի Մրցաշարքին

Ալաշկերտ ֆութպոլի ակումբին աղջկանց խումբը, իբրեւ Անի-1 խումբին իրաւայաջորդը, պիտի ներկայացնէ Հայաստանը «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին: 2018-2019 տարեշրջանին Անի-1-ը դարձաւ Հայաստանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Զտումի մրցաշարքի վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 յունիսին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր պիտի մասնակցին 10 խումբեր, բաժնուած` չորս խմբակի: Զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան 7, 10 եւ 13 օգոստոսին: 2001-2002 տարեշրջանին...

Պասքեթպոլ. Քեւին Տիւրանթ 7-10 Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Կոլտըն Սթէյթ - Ուորիըրզի մարզիկ Քեւին Տիւրանթ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան: Ան վիրաւորուած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումին` երբ անոր կազմը այդ մրցումին 106-105 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ: Անոր ապաքինման ժամանակը պիտի ըլլայ 7-էն 10 ամիս, յայտնեցին բժիշկները:

Մանչեսթըր Եունայթըտ Փոկպայի Համար Կը Պահանջէ 150 Միլիոն Սթերլինկ

Այնպէս կը թուի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ այդքան ալ դիւրութեամբ մտադիր չէ բաժնուելու իր ֆութպոլիստէն` Փոլ Փոկպայէն: Ըստ անգլիական «Տը Միրըր»-ի, անգլիական ակումբը Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութեան յայտնած է, որ եթէ կ՛ուզեն ձեռք ձգել 26 տարեկան ֆրանսացին, անոր համար պէտք է վճարեն 150 միլիոն սթերլինկ: Եունայթըտի հետ Փոլ Փոկպայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ին, բայց անոր կազմը այդ պայմանագրութիւնը կրնայ մէկ տարիով երկարաձգել: «Փրեմիեր...

Մորաթթա Վաճառքի Հանեց Իր Բնակարանը

Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթա վաճառքի հանեց իր բնակարանը, ուր իր բացակայութեան զինուած գողեր կողոպուտի ենթարկած էին իր ընտանիքը: Այդ կողոպուտը տեղի ունեցած է 7 յունիսին, երբ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ զտումի մրցում մը կը կատարէր վերոնշեալ մրցաշարքին շարքին գծով: Անոր բնակարանին մէջ եղած են անոր կինը, երկու զաւակները...

Աթլեթիզմի Միջազգային Ֆետերասիոնը Կը Փոխէ Իր Անունը Եւ Լոկոն

Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնը պիտի փոխէ իր անունը եւ լոկոն: Անիկա պիտի կոչուի «Ուորլտ Աթլեթիքս»: Այս փոփոխութիւնները տեղի պիտի ունենան 2019-ին կատարուելիք աշխարհի ախոյեանութենէն ետք, որ տեղի պիտի ունենայ 27 սեպտեմբերէն 6 հոկտեմբեր, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ:

Ճատրակ. «Փորթըլ» Ակումբի Մրցաշարք.  Ալեքսանտր Սերմանուկեան Հանդիսացաւ Առաջին

Ճատրակ. «Փորթըլ» Ակումբի Մրցաշարք. Ալեքսանտր Սերմանուկեան Հանդիսացաւ Առաջին

Կազմակերպութեամբ «Փորթըլ» ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 82 հայ եւ տեղացի ճատրակ խաղացողներու: 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ալեքսանտր Սերմանուկեան (13 տարեկան), իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ գրաւեց առաջին դիրքը (ապահովելով 6 կէտ): Ալեքսանտր Սերմանուկեանէն բացի որեւէ այլ հայ ճատրակ խաղացող մրցանակային դիրքի չարժանացաւ: Մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, յատուկ...

Փաշինեան Եւ Վանեցեան Շնորհաւորեցին Հաւաքականը

Փաշինեան Եւ Վանեցեան Շնորհաւորեցին Հաւաքականը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին արձանագրած վերջին յաղթանակը` Յունաստանի դէմ (3-2), Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, եղաւ բացառիկ յաջողութիւն մը: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առիթով կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Երկու մրցումի ընթացքին երկու յաղթանակ եւ վեց կոլ, ասիկա արդէն իսկ կարելի է նկատել բացառիկ յաջողութիւն: «Կը շնորհաւորենք հաւաքականին ֆութպոլիստներն ու մեր երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը»: Իր կարգին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի...

Միջազգային Ֆութպոլ. Հայաստան – Տաճիկիստան` 3-0. Հայաստան – Մոլտովա` 1-0

Հայաստանի ֆութպոլի 18 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը, 5-8-րդ դիրքի մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տաճիկիստանի դէմ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հայաստան կրեց երեք պարտութիւն` Արժանթինէն, Իրանէն եւ Ռուսիայէն (երեքն ալ` 2-0 արդիւնքով): ՖՈՒԹՊՈԼԻ միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, Հայաստանի...

Արման Սահակեան Վերընտրուեցաւ Հայաստանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր ժողովը, որուն օրակարգին նիւթն էր ֆետերասիոնի նախագահին ընտրութիւնը: Ֆետերասիոնի գործող նախագահ Արման Սահակեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ նախագահ: Ան միակ թեկնածուն էր այդ պաշտօնին համար: Քուէարկութիւնը կատարուեցաւ բաց եւ անոր դէմ քուէարկող չեղաւ: Նախքան ֆետերասիոնին ընդհանուր ժողովը ան յայտնեց, որ պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը: Իսկ նախագահ վերընտրուելէն ետք ան ըսաւ, թէ այժմ աւելի ժամանակ...

Լեպրոն Ճէյմս` 2019-ին Ամէնէն Շատ Վարձատրուած Պասքեթպոլիստը

Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող Լեպրոն Ճէյմս դարձաւ 2019-ին ամէնէն շատ վարձատրուած պասքեթպոլիտը: Ան այս տարի ստացաւ 89 միլիոն ամերիկեան տոլար: 36 միլիոնը անոր այս տարուան աշխատավարձն է: Ան 53 միլիոն ստացած է գովազդներ կատարող ընկերութիւններէն:

«Ֆորպս» Լիոնել Մեսսի` Առաջին Դիրքին Վրայ

«ՖՈՐՊՍ»-ի հրապարակած աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկներուն առաջին դիրքը կը գրաւէ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին որուն եկամուտը (աշխատավարձ եւ հովանաւորող ընկերութիւններէ եկած գումար) 2019-ին կազմեց 127 միլիոն ամերիկեան տոլար: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (109 միլիոն), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար (105 միլիոն): Յաջորդաբար չորրորդէն տասներորդ դիրքերը կը գրաւեն...

Եւրօ-2020.  Տասը Խմբակներուն Պատկերը` Վերջին Հանգրուանի Մրցումներէն Ետք

Եւրօ-2020. Տասը Խմբակներուն Պատկերը` Վերջին Հանգրուանի Մրցումներէն Ետք

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները շարունակուեցան տասը խմբակներուն մէջ: Խումբերէն ոմանք կատարած են մէկական մրցում, ուրիշներ` երկուքական, երեքական եւ նոյնիսկ չորսական մրցումներ: Ստորեւ տասը խմբակներուն դասաւորման պատկերը` ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք.

Page 694 of 1279 1 … 693 694 695 … 1,279

Արխիւներ