Մոթորսայքլինկ. «Քափ-390»-ի Ա. Հանգրուանը Տեղի Ունեցաւ Քուսպայի Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Էյ. Էն. Պու Խաթեր» ընկերութեան, տեղի ունեցաւ «Քափ-390»-ի մոթորսայքլինկի Ա. հանգրուանի մրցումը` Քուսպայի շրջանին մէջ գտնուող «Քարթինկ-Մանիա» վազքուղիին վրայ:
Մրցումը նուիրուած էր Ժան Ազարի յիշատակին, որ «Էյ. Էն. Պու Խաթեր» Մոթորսայքլինկի ակումբին անդամ եղած էր:
Մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան, 12 մասնակիցներ մարզական ոգիով այդ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին:
Բ. հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 23 յունիսին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական