Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, դրամատուներու պասքեթպոլի 6-րդ մրցաշարքը հասած է աւարտական հանգրուան, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին «Ֆրանսապանք» եւ «Պանք Լուպնան Ուալ Մահժար»:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը դրամատուներ:
Վերջին երեք տարիներու տիտղոսակիրն է «Ֆրանսապանք»-ը, մինչ «Պանք Լուպնան Ուալ Մահժար» տիտղոսին տիրացած է 2015-ին: