Ա. Էս. Ռոմա Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը
«Քալչիօ»-ի խումբերէն Ա. Էս. Ռոմա պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Փաուլօ Ֆոնսեքա նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
46 տարեկան Ֆոնսեքա երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ` զայն մէկ տարիով երկարաձգելու համաձայնութեամբ:
Փորթուգալցին նախապէս եղած է Փորթոյի, Պրակայի (Փորթուգալեան խումբեր) եւ ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքի մարզիչ:
Նշուեցաւ, որ Ա. Էս. Ռոմա Շախտիորին պիտի վճարէ 2 միլիոն եւրոյի փոխհատուցում` իր պայմանագրութիւնը անոր հետ ժամանակէն առաջ խզելու համար:
Ան Շախտիորի հետ երեք անգամ հանդիսացած է Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեան:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական