«Պի. Պի. Սի.» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը Իսլանտայի իշխանութիւնը կը մեղադրէ թուրք ֆութպոլիստներուն նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքի համար:
Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի օդակայանին մէջ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Էմրէ Պերեզօղլուի հետ կատարուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին լրագրող մը փոխանակ իր ձեռքին ձայնագրիչ մեքենայ մը բռնելու, բռնած է խոզանակ մը:
Բացի ատկէ, Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին ֆութպոլիստներուն պայուսակները օդակայանին մէջ ստուգած են քանի մը ժամ:
Ասոր ի տես, Թուրքիոյ արտաքին գործող նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու բողոք ներկայացուց Իսլանտայի իշխանութիւններուն: