Դրամատուներու Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Պէյրութի Եւ Արաբական Երկիրներու Դրամատունը` Տիտղոսակիր
«Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած դրամատուներու մինի ֆութպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար երրորդ տարին ըլլալով, հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի մրցումը:
Պէյրութի եւ Արաբական երկիրներու դրամատունը տիրացաւ տիտղոսին` 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք «Աուտէ» դրամատան դէմ:
Տորի Զախխուր ընտրուեցաւ մրցաշարքի լաւագոյն մարզիչ, իսկ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը բաժին ինկաւ Ժաաֆար Ապու Թաամի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական