Սպանացի մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես լքեց իր ակումբը` Նիւքասըլը, նկատի ունենալով, որ կողմերը իրարու հետ չկրցան համաձայնութեան գալ նոր պայմանագիրի գծով:
Ան մարտ 2016-ին նշանակուած էր Նիւքասըլի մարզիչ:
Թէեւ առաջին տարին անոր կազմը դուրս մնաց «Փրեմիեր-լիկ»-էն, սակայն տարի մը ետք անիկա դարձեալ վերադարձաւ այդտեղ: