Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտերու «Պելաթոր-223»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Գեղարդ Մուսասի պարտութիւն մը կրելով չկրցաւ պաշտպանել ախոյեանական տիտղոսը` միջին քաշային կարգին մէջ:
Հոլանտան ներկայացնող 33 տարեկան հայ մարտիկին մրցակիցը 35 տարեկան ամերիկացի Ռաֆայէլ Լովաթոն էր, որ յաղթեց իրաւարարներուն որոշումով` 47-47, 48-47 եւ 48-47 արդիւնքով: