«Քոփա Ամերիքա». Քառորդ Աւարտականի Զոյգերը Յստակացան
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ, եւ խումբերը պիտի ըլլան հանգիստի մէջ:
Ուրբաթ եւ շաբաթ օր պիտի կատարուին քառորդ աւարտականի մրցումները:
Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ Գ. խմբակին մէջ կատարուեցան վերջին երկու ճակատումները:
Ուրուկուէյ յաղթեց Չիլիի (1-0), մինչ Էքուատոր – Ճափոն մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Ստորեւ` քառորդ աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը.
ՈՒՐԲԱԹ
Պրազիլ – Փարակուէյ
Վենեզուելա – Արժանթին
ՇԱԲԱԹ
Քոլոմպիա – Չիլի
Ուրուկուէյ – Փերու
Share This Article
CATEGORIES Մարզական