Նախորդ շաբաթավերջին Սաժեսի դաշտին վրայ (Ղազիր) աւարտեցաւ «Էլ. Էյ. Եու.» – «Էն. Պի. Էյ. – Ժունիոր» պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ շուրջ 2 ամիս ստեղծեց բաւական հետաքրքրական մթնոլորտ մը մասնակցող խումբերուն մօտ, մանաւանդ որ անոր մասնակցեցան երկսեռ խումբեր, որոնք կը կրէին «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն անունները:
Աւարտական մրցումին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ֆետերասիոնի անդամ Շարպել Ռըզք, Լիբանանեան համալսարաններու ներկայացուցիչներ, մասնակցող խումբերու անդամներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները եւ մարզական լրագրողներ:
Այս մրցաշարքին մասնակցեցան 14 տարեկան եւ վար տղաք եւ աղջիկներ: Խումբերուն թիւն էր 30, մինչ տեղի ունեցան 128 մրցումներ:
Տիտղոսին տիրացաւ Միլուոքի Պաքս խումբը (Շանվիլ), որ աւարտականին 56-45 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցին (Լիսէ Ապտելքատեր):
Նիւ Եորք Նիքս (Լուէյզի Զուք Մոսպեհ) գրաւեց երրորդ դիրքը` 80-69 արդիւնքով յաղթելէ ետք Օքլահոմա Սիթիին (Պէյրութ Ինթըրնեշընըլ քոլեճ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներու տուչութիւնը:
Լուսանկարները` տրամադրեց`
ՆԻՔՈԼ ԱՍՍԱՖ