Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըրներ Սամուէլ Տէր Սահակեանի եւ Մանուէլ Պետրոսեանի յաղթանակով վերջ գտաւ Հնդկաստանի Կոա նահանգին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան 23 երկիրներէ 246 ճատրակ խաղացողներ:
Սամուէլ Տէր Սահակեան առաւելագոյն 10 կէտէն ապահովեց 8 կէտ եւ գրաւեց առաջին դիրքը:
Մանուէլ Պետրոսեան նոյնքան կէտ ապահովելով լրացուցիչ ցուցանիշներով գրաւեց երկրորդ դիրքը, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:



