Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին նշեց, որ պատրաստ է հրապարակաւ ներողութիւն խնդրելու Պարսելոնայի համակիրներէն` 2017-ին խումբը լքելուն համար:
Ան ըսաւ, թէ սխալած է իր տուած այդ որոշումին մէջ:
Ըստ սպանական մամուլին, միայն ատիկա տեղի ունենալու պարագային Պարսելոնա կրնայ գործի անցնիլ` վերադարձնելու 27 տարեկան ֆութպոլիստը:
Սակայն Պարսելոնայի համակիրներուն աւելի քան 70 տոկոսը համաձայն չէ անոր վերադարձին:
Նէյմար նոյնիսկ պատրաստ է իր աշխատավարձն ալ նուազեցնելու, սակայն ֆրանսական ակումբին դիրքորոշումը ցարդ յստակ չէ:
Անոր պայմանագրութիւնը Սեն Ժերմենի հետ կ՛աւարտի 2022-ին: