Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը հիւրընկալ երկրին` Եգիպտոսի եւ Լիբանանի միջեւ:
Եգիպտոս տիրացաւ տիտղոսին` 70-61 արդիւնքով յաղթական դուրս գալով այս ճակատումէն, հակառակ անոր որ մրցումին տեւողութեան Լիբանան առիթով մը ունեցաւ տասը կէտի առաւելութիւն (43-33):