Լիբանանի վերջին տարիներու ախոյեան Ահտ յաջողեցաւ մեծ իրագործում մը կատարել, երբ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց, հակառակ յորդանանեան Ուահատաթ խումբին դէմ իր արձանագրած ճերմակ հաւասարութեան:
Երթին Ահտ Յորդանանի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ կատարուած այս մրցումին ներկայ եղան Ահտի հազարաւոր համակիրներ: Անոնց կողքին էին նաեւ լիբանանեան տարբեր ակումբներու համակիրներ, որոնք եկած էին քաջալերելու Ահտը:
Այս մրցումէն ետք մեծ էր ուրախութիւնը Ահտի համակիրներուն, որոնք ողողելով Պէյրութի ճամբաները` իրենց տօնախմբութիւնը այդտեղ շարունակեցին:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, երէկ երեկոյեան ժամը 18:00-էն 20:00, Ահտ ընդունեց բազմաթիւ շնորհաւորանքներ, դէպի օդակայան տանող շրջանին մէջ գտնուող յատուկ վայրի մը մէջ, 2018-2019 տարեշրջանին Լիբանանի ախոյեան եւ բաժակակիր հանդիսանալուն առիթով: