Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան անցեալի հռչակաւոր ֆութպոլիստ Սարգիս Հովիւեանի մահուան առիթով յղեց հետեւեալ ցաւակցագիրը.
«80 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ անցեալի անուանի ֆութպոլիստ, փորձառու մարզիչ Սարգիս Հովիւեան:
«1960-ական թուականներուն ան իր անունը արձանագրեց ոսկեայ տառերով: Անոր մահով հայկական ֆութպոլը ունեցաւ մեծ կորուստ»:
«Խորապէս կը ցաւակցիմ անոր ընտանիքին»: