Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

July 10, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է, անցնող տասը օրերուն Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն շատերը, 2019-2020 տարեշրջանին զօրաւոր կազմ մը ունենալու նպատակով իրենց շարքերը կը զօրացնեն նորեկ մարզիկներով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ամէնէն շատ համակիրները ունեցող Նըժմէ ակումբը իր կազմին միացուց երրորդ նորեկ մը, որ Ապտալլա Այշն է (տեղափոխուած` Թրիփոլիէն):

Անոր փոխանցման համար Պէյրութեան կազմը վճարեց 20 հազար ամերիկեան տոլար: Ան հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ:

Այսպիսով, ան կը դառնայ երրորդ յետսապահը, որ կը միանայ Նըժմէին` Մուսթաֆա Շամաայէն (Շապապ Ղազիէէն) եւ Մուհթազ Ժընտիէն (Անսարէն) ետք:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ վատ վիճակի մէջ գտնուող Թրիփոլի խումբը` գոյատեւել կարենալու համար, գրեթէ իւրաքանչիւր օր կը ծախէ խումբին հիմնական մարզիկները:

Նշուեցաւ, որ խումբին կարգ մը հովանաւորները, անոր կրնան տրամադրել 100 հազարէն 150 հազար ամերիկեան տոլար միայն, ինչ որ կը նկատուի բաւական քիչ գումար:

Արդէն իսկ խումբէն հեռացած են բերդապահ Նեզիհ Ասաատ եւ Ապտալլա Այշ: Անոնց կրնան միանալ ուրիշներ ալ:

ԱՆՍԱՐԻ նախագահ Նեպիլ Պատըրի գրասենեակին մէջ (Համրա), բերդապահ Նեզիհ Ասաատ պաշտօնապէս ստորագրեց խումբին տոմարներուն վրայ:

Անոր պայմանագրութեան գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ չներկայացուեցան:

 

 

Նախորդը

Մահացաւ Ծանրաբարձ Աղասի Աղասեան

Յաջորդը

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Չեղեալ Նկատեց Ռասինկ Ակումբին Ընտրութիւնները

RelatedPosts

Ազգերու Լիկայի Մրցումներուն Համար.  Եղիշէ Մելիքեան Հրապարակեց  Ազգային Խումբի Մարզիկներու Ցանկը
Մարզական

Ազգերու Լիկայի Մրցումներուն Համար. Եղիշէ Մելիքեան Հրապարակեց Ազգային Խումբի Մարզիկներու Ցանկը

November 9, 2026
Պատանիներու Ողիմպիական Խաղեր.  Սուրէն Կատվալեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական
Մարզական

Պատանիներու Ողիմպիական Խաղեր. Սուրէն Կատվալեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական

November 9, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Արամ Բաքլաչեան Ախոյեան
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Արամ Բաքլաչեան Ախոյեան

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.