Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

July 11, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի նախօրեակին, անոր մասնակցող խումբերը կը տանին բաւական լուրջ աշխատանք:

– ԵՐԷԿ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասան Անսար ակումբի կոլսքորըր Հաժ Մալեք Թալ եւ Շապապ Սահելին մաս կազմող Ապտելազիզ Ընտայ (Սենեկալէն)` միանալու համար իրենց խումբերուն:

Հաժ Մալեք Թալ (Անսար)

Անոնք իրենց արձակուրդը անցընելէ ետք կը միանան իրենց խումբերուն` փորձերու սկսելու համար:

– ՖՈՒԹՊՈԼԻ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ռաֆիք Հարիրիի անուան մարզադաշտին վրայ (Մանարա), Շապապ Սահել 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նըժմէի դէմ:

Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Զուհէյր Ապտալլա, Հայտար Աուատա եւ Տաուտա Տիմիէ, իսկ Նըժմէի միակ կոլը` Մահմուտ Քահուր:

Անոր ներկայ եղան մեծաթիւ համակիրներ (մանաւանդ` Նըժմէի կողմէ), որոնք եկած էին տեսնելու նոր տարեշրջանին իրենց նոր կազմերը:

Այս մրցումին բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Սահելի միջնապահ Ժատ Հիւսէյն, որ յաջողեցաւ համակիրներուն լուսարձակները կեդրոնացնել իր վրայ: Ան մինչեւ 2022 ստորագրած է Սահելի տոմարներուն վրայ:

Նոյն այս մրցումին, Նըժմէի մարզիկներէն Խալիլ Պատըր վիրաւորուելով մրցումը չկրցաւ շարունակել: Ան պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ ախոյեան եւ բաժակակիր Ահտ երէկ սկսաւ իր փորձերուն` հսկողութեամբ ակումբի մարզիչ Պասեմ Մարմարի:

Անոր մարզիկներուն արձակուրդը եղաւ քիչ մը կարճ` երկու շաբաթ:

Յառաջիկայ տարեշրջանին Ահտի յայտագիրը պիտի ըլլայ բաւական խճողուած. Լիբանանի ախոյեանութիւն, բաժակի մրցաշարք, Ասիոյ բաժակի մրցաշարք եւ Արաբական ակումբներու ախոյեանութիւն:

– ԹՐԻՓՈԼԻ ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբին մարզիկները երէկ սկսան ստանալ նախորդ տարեշրջանէն իրենց ուշացած ամսականները: Այդ վճարումները ամբողջացած պիտի ըլլան մինչեւ այս շաբաթավերջ:

Թրիփոլի խումբը իր ամէն կարելին պիտի ընէ նիւթական յաւելեալ եկամուտ ապահովելով մասնակցելու 2019-2020 տարեշրջանին:

ԱԽԱ ԱՀԼԻ ԱԼԷՅ ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Մոհամետ Աթուէ, իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելով, տարեշրջան մը եւս պիտի մնայ իր կազմին հետ: Ան նախորդ տարեշրջանին ունեցաւ բաւական լաւ ելոյթներ:

 

Նախորդը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» 15-27 Յուլիսին Թենիսի Տարիքային Մրցաշարք

Յաջորդը

Աթլեթիզմ. Կրտսերներու Արաբական 7-րդ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 7 Գունաւոր Մետալներու

RelatedPosts

Տաքար 2026.  Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի
Մարզական

Տաքար 2026. Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի

November 7, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Յաղթանակը  Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Յաղթանակը Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն

November 7, 2026
Նշանառութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան  Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին
Մարզական

Նշանառութիւն. Էլմիրա Կարապետեան Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.