
Ֆրանսական Մարսէյ ակումբի նախագահ Ժան-Հանրի Հէյրօ հաստատեց, որ իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի հեռացաւ խումբէն:
Նախորդ 30 յունիսին անոր պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ խումբին հետ, եւ ան համաձայն չգտնուեցաւ զայն երկարաձգել:
Պալոթելլիով հետաքրքրուած է Ուեսթ Համ: