Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Արսենալի հետ սկսաւ իր փորձերուն` պատրաստուելու համար 2019-2020 տարեշրջանին:
30 տարեկան ֆութպոլիստը յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասէ նոր տարեշրջանին մեկնարկը տրուելուն:
Արսենալ շրջագայութեան մը պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական շարք մը հանդիպումներ Քոլորատոյի, Պայէրն Միւնիխի, Ֆիորենթինայի եւ Ռէալ Մատրիտի հետ, նշեց լոնտոնեան ակումբին պաշտօնական կայքը: