Ինչպէս ծանօթ է, 25-28 յուլիսին Լիբանան Քֆարզեպիանի մէջ (Քեսրուան) կը հիւրընկալէ Ասիոյ (Քեսրուան) կը հիւրընկալէ Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի 25-րդ ախոյեանութիւնը, որ պիտի կայանայ բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, հսկողութեամբ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի գլխաւոր հովանաւոր ընկերութեան` «Սքոթ»-ի:
Այս գծով Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ հինգշաբթի, 11 յուլիսին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ):
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ անձերը.
Վաչէ Ծատուրեան (նախագահ), Նազարէթ Հապիպեան (փրոթոգոլի պատասխանատու), Սոնիա Ժըրժես (ընդհանուր քարտուղար), Ռոպեր Փաթափութեան (տարբեր տեսակի հարցերու պատասխանատու), Քայսար Սալլում (թեքնիք պատասխանատու), Կարօ Քելեշեան (փոխադրամիջոցներու պատասխանատու) եւ լրագրող Ժալալ Պըայնօ (ծանուցումի պատասխանատու):
Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 16 երկիրներ: