Լուքա Զիտան Փոխ Տրուեցաւ Ռասինկ Սանթանտերի
Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Լուքա Զիտան տարեշրջանի մը համար փոխ տրուեցաւ Ռասինկ Սանթանտերին, որ ելոյթ կ՛ունենայ Բ. դասակարգին մէջ:
21 տարեկան Լուքա Զիտան, որ զաւակն է Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Զինետին Զիտանի, Բ. դասակարգը նախընտրեց Ա. դասակարգէն («Լա-լիկա»)` նկատի ունենալով, որ նախորդ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ 2 մրցումի` իր բերդին մէջ ստանալով 4 կոլ:
Իսկ Ֆրանսայի 20 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան կատարեց մէկ մրցում:
Սպանական «Մարքա» մարզաթերթը յայտնեց, որ 2019-2020 տարեշրջանին Ռէալի երկրորդ բերդապահը պիտի ըլլայ ուքրանացի Անտրէ Լունի (20 տարեկան): Իսկ հիմնական բերդապահը պիտի ըլլայ պելճիքացի Թիպօ Քուրթուա:
Լուքայէն բացի Ռէալէն հեռացաւ նաեւ բերդապահ Քէյլոր Նաւաս:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական