Մանչեսթըր Եունայթըտ Փոկպայի Համար Կը Պահանջէ… 180 Միլիոն Եւրօ
Սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆրանսացի իր միջնապահին` Փոլ Փոկպայի համար կը պահանջէ… 180 միլիոն եւրօ:
Ներկայ դրութեամբ Փոկպայով հետաքրքրուած են Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս:
Անգլիական ակումբը մտադիր չէ այս ամրան ընթացքին ծախել Փոկպան, թէեւ վերջինս կը նշէ, որ իր ակումբը փոխելու մտադրութիւն ունի:
Խումբը այժմ մեկնած է Աւստրալիա, ուր տասը օրուան հաւաք եւ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում կատարելէ ետք պիտի մեկնի Սինկափուր եւ Շանկհայ:
Նորվեկիացի մարզիչ Ուլէ-Կիւնար Սոլսքիարի գլխաւորած խումբը բնականաբար Փոկպայի հետ սկսաւ իր շրջապտոյտին:
Նախորդ տարեշրջանին 35 մրցումի ընթացքին 13 կոլ նշանակած եւ 9 էսիսթ կատարած Փոկպայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական