Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ թեքուանտոյի կրտսերներու ախոյեանութեան (14-17 տարեկան), Լիբանանի ազգային խումբը իր ելոյթներուն սկսաւ լաւ ձեւով:
Առաջին օրուան արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ռաֆայէլ Քուտսի եւ Քարլա Պուսթանի Լիբանանին ապահովեցին պրոնզ մետալ:
Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ, որ կը գլխաւորէ պատուիրակութիւնը, յայտնեց, որ լիբանանցի մարզիկները յոյս ունին յաւելեալ մետալներու ալ տիրանալու:
Յայտնենք, որ ախոյեանութիւնը տակաւին կը շարունակուի: