Կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի վոլիպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019 տարեշրջանը, երբ Մուսիքա Շուէյր դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը:
Ասիֆա (Ժալ Էլ Տիպ) հանդիսացաւ ախոյեան` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաքաֆա Ամիունի:
Նշենք, որ աւարտականի այս մրցումին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ:
Երրորդ հանդիսացաւ Աշմուն, որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Պաթհապուրայի:
Ասիֆա, Սաքաֆա Ամիուն եւ Աշմուն, այսպիսով բարձրացան Գ. դասակարգ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
PROFOTO