Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող պասքեթպոլիստ Անթոնի Տէյվիս յայտնեց, թէ շատ հաւանական է, որ միանայ Շիքակօ Պուլզին:
Ան յայտնեց, որ Պուլզ իր փոխանցումը կրնայ ըլլալ այն ժամանակ միայն, եթէ իր փոխանցման գծով համաձայնութիւն ըլլայ երկու ակումբներուն միջեւ:
Ըստ Տէյվիսի, Շիքակօ քաղաքը պասքեթպոլի իսկական քաղաք մըն է, իսկ անոր բնակիչները աննկարագրելի սէր ունին այս մարզին նկատմամբ:
Յայտնենք սակայն, որ վերջին տարիներուն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն Շիքակօ Պուլզի արդիւնքները այդքան ալ տպաւորիչ չեն եղած:



