Պարսելոնայի մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր ակումբին հետ պիտի ստորագրէ նոր պայմանագրութիւն մը, որ նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2023:
Մեսսի 2004-ին Պարսելոնայի հետ ստորագրած է իր առաջին պայմանագրութիւնը:
Ասիկա պիտի ըլլայ 32 տարեկան Մեսսիի 10-րդ պայմանագիրի կնքումը:
Անոր ներկայ պամանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:
Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէուի նպատակն է ցմահ պայմանագրութիւն մը կնքել Մեսսիի հետ:



