Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ (չորս օրերու վրայ երկարած) Լիբանանի աթլեթիզմի անհատական ախոյեանութիւնը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 100 երկսեռ մարզիկներ, որոնք մաս կը կազմէին ֆետերասիոնին անդամակցած 14 միութիւններու:
Ախոյեանութեան աւարտին ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ անոր ընթացքին լիբանանեան երկու նոր մրցանիշներ հաստատուեցան:
Տղոց 400 մեթրի վազքի մրցումին, Նուրէտտին Հատիտ (Լիբանանեան բանակ) հաստատեց նոր մրցանիշ մը (47″ 36): Նախկին մրցանիշն էր` 47″ 56:
Իսկ աղջկանց ձողով բարձրութիւն ցատկելու մրցումին, Մէյսա Պըսէյպես (Ժամհուր) հաստատեց նոր մրցանիշ մը (1,73 մեթր): Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Քարին Պուչաքճեանի (1,72 մեթր):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի եւ այլ անդամներու:




