Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Էտերսոն բարեգործական մրցում մը կազմակերպեց Պրազիլի Սան Փաուլօ նահանգի Օզասքու քաղաքին մէջ` կարիքաւորներուն օգնելու համար:
Անոր խումբը մրցեցաւ պրազիլցի երգիչ «Էմ. Սի. Կուիմէ» խումբին դէմ:
Մրցումին մասնակցեցան շարք մը երգիչներ եւ ֆութպոլիստներ:
Մրցումը վերջ գտաւ 5-5 հաւասար արդիւնքով:
25 տարեկան Էտերսոն, որ այս մրցումին մասնակցեցաւ իբրեւ միջնապահ, նշանակեց 2 կոլ:
Այս մրցումին հաւաքուեցաւ 100 քկ սննդամթերք, որ մրցումէն ետք տրուեցաւ կարիքաւորներու:



