Երէկ` երկուշաբթի, 22 յուլիսին Մթայլեպ ակումբի հիմնադիր եւ անոր պատուոյ նախագահ Փոլ Շըտիտի (Մթայլեպի քաղաքապետ) գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի կնքում, որուն ընթացքին մարզիչ Ճօ Մուժահես ստորագրեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` դառնալով խումբին գլխաւոր մարզիչը:
Վերջերս Լիբանանի տղոց Գ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Մթայլեպ 2019-2020 տարեշրջանին պիտի մասնակցի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Մուժահես շնորհակալութիւն յայտնեց իր նկատմամբ ցուցաբերուած այս վստահութեան համար` յոյս յայտնելով, որ խումբը կ՛արձանագրէ տպաւորիչ արդիւնքներ եւ կը յաջողի բարձրանալ Ա. դասակարգ:
Այս պայմանագրի կնքումին ներկայ էր նաեւ Մթայլեպի թեքնիք տնօրէն Ղազի Պուսթանի: