Գործակցութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Եասեր Հաժի, Սայտա Ինթըրնեշընըլ մարաթոն միութիւնը կազմակերպեց պասքեթպոլի 3×3 յիշատակելի մրցաշարքը` Սայտա – 2019-ի իր ամառնային գործունէութիւններուն ծիրին մէջ:
Այս մրցաշարքին ընթացքին կիրարկուեցան Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնին օրէնքները:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան 5 խումբեր:
Աւարտականին Սայտա 12-10 արդիւնքով յաղթեց Քաֆար Սիրին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:




