Երէկ Յորդանանէն Լիբանան վերադարձաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի ախոյեանութեան:
Տարբեր դասակարգերու մրցումներուն մասնակցելով` Լիբանանի ազգային խումբին մարզիկները տիրացան 8 մետալի (4 ոսկի, 2 արծաթ, 2 պրոնզ):
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ, յայտնեց, որ լիբանանցի մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները կը նկատէ շատ լաւ: