Անցնող քանի մը օրերուն, Կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ եղաւ լրատուամիջոցներու լուսարձակին տակ:
Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտան հաստատեց,որ ան խումբէն պիտի հեռանայ:
«Մենք յոյս ունինք, որ ան շուտով կը հեռանայ կազմէն, որովհետեւ ատիկա պիտի ըլլայ լաւագոյն լուծումը բոլորին համար: Մենք աշխատանք կը տանինք անոր փոխանցման կարգադրութիւնները արագացնելու համար: Անձամբ ես անոր դէմ ոչինչ ունիմ: Բայց խումբը կարիքը ունի փոփոխութիւններու», ըսաւ Զիտան:
Անոր կատարած այդ յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք, ֆրանսական եւ սպանական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ շատ հաւանաբար Ռէալ Մատրիտ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն իրարու հետ մարզիկներու փոխանակում կատարեն:
Նշուեցաւ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար ստորագրէ Ռէալ Մատրիտի տոմարներուն վրայ, մինչ Պէյլ մեկնի հակառակ ուղղութեամբ:
Նէյմար – Սեն Ժերմեն կապերը օրէ օր աւելի կը դժուարանան:
Պէյլ 2013-ի փոխան 100 միլիոն եւրոյի Թոթենհամէն միացաւ Ռէալին:



