Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ եւ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունենալիք Ասիոյ 25-րդ «Մաութըն Պայք»-ի 2019-ի ախոյեանութեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ բազմաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան:

Հանդիսութեան ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, բարձրաստիճան զինուորականներ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամներ, Ներքին ապահովութեան ուժերու մարզական բաժանմունքի պատասխանատու զօր. Հիւսէյն Խաշֆէ, քաղաքապետներ, դեսպաններ, մարզական լրագրողներ, ինչպէս նաեւ այս ախոյեանութեան մասնակցող 17 երկիրներու պատուիրակութիւնները:
Քրիսթել Մահֆուզի ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի խօսքէն ետք, խօսք առաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Նախ եւ առաջ շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղենք Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի Ֆրանսայի նախագահ Տաւիտ Լափարթիէին, որ մեր ֆետերասիոնին միշտ ալ զօրակցած է:
«Մեծապէս ուրախ ենք, որ այս ախոյեանութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով (առաջինը` 2012-ին), կը հիւրընկալենք եւ յոյսով ենք, որ անիկա պիտի պսակուի մեծ յաջողութեամբ: Մասնակցող երկիրներու մարզիկներուն մօտ կայ շատ բարձր տրամադրութիւն, եւ անոնք պատրաստ են մարզական ոգիով պայքարելու` փորձելու համար 2020-ի ողիմպիականի տոմս մը ապահովել:
«Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին եւ կը յուսանք, որ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը բառին բուն առումով կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ` գոհ ձգելով բոլորը»:
Ապա Ծատուրեան ֆետերասիոնին անունով տարբեր անձնաւորութիւններու տուաւ յատուկ յուշանուէրներ:
Այնուհետեւ կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կարճ, բայց կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ասիական երկիրներուն մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն ներկայացուեցաւ Լիբանանի աւանդական շուրջպարը` «Տապքէ»-ն, որ ստեղծեց տօնական մթնոլորտ մը:
Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրին, այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ կը սկսին «Քրոս քաունթրի»-ի մրցումները, իսկ վաղը` կիրակի, նոյն ժամուն, տեղի կ՛ունենան «Տաուն Հիլ»-ի մրցումները: Անոնք տեղի պիտի ունենան Քֆարզեպիանի շրջանին մէջ (Քեսրուան):
Ախոյեանութեան փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 28 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Մոնթէ Պելլօ» պանդոկին մէջ:
PROFOTO