Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ եւ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ասիոյ 25-րդ «Մաութըն Պայք»-ի 2019-ի ախոյեանութեան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 17 երկիրներու հեծելանւորդներու, որոնք կը փորձէին 2020-ի ողիմպիականի տոմս մը ապահովել:
Շաբաթ առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսան «Քրոս քաունթրի»-ի մրցումները:
Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսան «Տաուն Հիլ»-ի մրցումները, որոնք տեղի ունեցան Քֆարզեպիանի շրջանին մէջ (Քեսրուան):
Ախոյեանութեան փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 28 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Մոնթէ Պելլօ» պանդոկին մէջ:
Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ: