«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան շարք մը ճակատումներ:
Այսօր, ժամը 18:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), մրցում ունի կատարելիք նաեւ Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա, որ հիւրը պիտի ըլլայ Լինքոլնի:
Երթին հայրենի կազմը իր դաշտին վրայ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Ճիպրալթարի ներկայացուցիչին դէմ:



