Հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտի յանձնախումբին, վեթերաններու ֆութպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով, հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի մրցումը` Ռասինկի եւ Ահլի Սարպայի միջեւ:
Մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին, Ռասինկ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին:
Աւարտական այս մրցումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահաֆ, ֆետերասիոնի անդամ Սիմոն Տուէյհի, երկու ակումբներուն նախագահները` Ժորժ Ֆարահ (Ռասինկ) եւ Միլետ Սայեղ, Ահլի Սարպայի նախկին նախագահ Սելիմ Ապու Շապքէ եւ մարզական լրագրողներ:
Մրցաշարքին լաւագոյն ռմբաձիգը հանդիսացաւ (5 կոլով) Մոհամետ Պիլլահ (Թրիփոլի), իսկ լաւագոյն մարզիկը, դարձեալ նոյն ակումբէն` Իպրահիմ Հուսնի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ տրուեցան շարք մը յուշանուէրներ: Մրցաշարքին տիտղոսը յանձնուեցաւ Ռասինկի խմբապետ Էլի Պարխոյին` ձեռամբ Ճիւնիի քաղաքապետ Ժուան Հըպէյշի: