Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Արարատ լերան գագաթը բարձրացան Նարեկ եւ Վահէ Փանոսեաններ` այդտեղ պարզելով հայկական Եռագոյնը, լիբանանեան դրօշը եւ իրենց վարժարանին` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի դրօշը:
Յայտնենք, որ Փանոսեան եղբայրները 2018-2019 տարեշրջանին աւարտեցին իրենց վարժարանին ուսման ընթացքը:
Անոնք բաւական լաւ տպաւորութեամբ վերադարձան հայրենիքէն: