Իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ թեքուանտոյի կրտսերներու ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը երկուշաբթի, 29 յուլիսին կը վերադառնայ Պէյրութ:
Երէկ Լիբանան տիրացաւ իր երրորդ պրոնզ մետալին` շնորհիւ Զուի Հաժժարի, աղջկանց 11-14 տարեկան դասակարգին մէջ:
Նախապէս պրոնզէ մետալներու տիրացած էին Ռաֆայէլ Քուտսի եւ Քարլա Պուսթանի (14-17 տարեկան դասակարգին մէջ):
Պատուիրակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայան պիտի հասնի ժամը 16:45-ին: Այս առիթով լիբանանցի մարզիկներուն դիմաց պիտի բացուի օդակայանին պատուոյ սրահը: