Սպանիոյ ֆութպոլի հաւաքականի ախոյեանութեամբ աւարտեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկաններու ախոյեանութեան մրցաշարքը:
Երեւանի «Հանրապետական» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած աւարտականին, սպանացիները մրցեցան նախորդ մրցաշարքի ախոյեան Փորթուգալի խումբին հետ եւ 2-0 արդիւնքով յաղթեցին:
Վալենսիա ակումբի յառաջապահ Ֆերան Թորես երկու կոլ նշանակեց, 34-րդ եւ 51-րդ վայրկեաններուն: