Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, իւրաքանչիւր շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 14 տարեկանէն վար 2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցումները:
Անոնք տեղի կ՛ունենան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ: Անոնց ընթացքին մարզիկները իրենց ամէն կարելին կ՛ընեն` յաղթանակ ապահովելու համար իրենց խումբերուն:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 28 յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, երբ Քահրապայի դաշտին վրայ կը մրցի Հապպուշի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել վաղուան մրցումին: