Լոնտոնի Արսենալը «Էմիրէյթս Քափ» աւանդական բաժակի բարեկամական մրցաշարքին ծիրին մէջ այս տարի ընդունեց ֆրանսական Լիոնը եւ պարտուեցաւ 1-2 արդիւնքով:
Թէեւ խաղին առաջին կոլը 70-րդ վայրկեանին Արսենալ նշանակեց շնորհիւ Օպամէանկի (կոլին փոխանցումը` Հ. Մխիթարեան), սակայն հիւրերը 67-րդ եւ 71-րդ վայրկեաններուն երկու կոլեր նշանակելով տաք ապուրին վրայ պաղ ջուր լեցուցին: