Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի գերմրցաշարքը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին եւ անոր մասնակցող կրանտմասթըրները միայն մէկ մրցում ունին կատարելիք:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ ցարդ կը մնայ առանց յաղթանակի, 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին արձանագրեց հաւասարութիւն մը եւս, այս անգամ` չինացի Տին Լիրենի հետ: 43-րդ շարժումին անոնք համաձայնեցան հաւասարութեան:
Արոնեան, որ առաւելագոյն 10 կէտէն ապահոված է 4 կէտ, կը գրաւէ վերջին դիրքը: Տին Լիրեն, որ ունի 6 կէտ, կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Վերջին հանգրուանին Արոնեան կը մրցի Ուեսլի Սոյի դէմ (Միացեալ Նահանգներ):



