Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ Արմենիա յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել, երբ ապահովեց «Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ հայկական որեւէ խումբ չէր յաջողած այդ հանգրուանին հասնիլ:
Այսօր` հինգշաբթի, 29 օգոստոսին Արարատ Արմենիայի կազմը կրնայ անգամ մը եւս պատմութիւն կերտել, եթէ յաջողի շրջանցել Տիւտելանժի (Լիւքսամպուրկ) արգելքը, երբ դարձի մրցումներուն մրցաշարքէն դուրս ձգէ իր մրցակիցը:
Ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) տեղի ունենալիք այսօրուան այս մրցումին զուգահեռ, հայկական կազմը 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը` Երեւանի մէջ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Հայաստանի ախոյեանին:



