Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու.Էս.Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Ա. հանգրուանի մրցումներուն, ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ 59 վայրկեանի ընթացքին 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ռուս Մարիա Շարափովայի դէմ:

Իր կարգին, Ա. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան, որ 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փրիսքիլա Հոնին (Աւստրալիա):
Ա. հանգրուանի մրցումներուն որեւէ անակնկալ չարձանագրուեցաւ: