Պըրի Ֆ. Ք. ֆութպոի ակումբը հեռացուեցաւ անգլիական ֆութպոլի լիկայէն եւ զրկուեցաւ արհեստավարժ կարգավիճակէն, յայտնեց լիկային պաշտօնական կայքը:
1885-ին հիմնուած ակումբը յաջորդաբար 125 տարի մասնակցած է լիկայի ախոյեանութիւններուն:
Տնտեսական ծանր վիճակի մէջ գտնուող ակումբը երաշխիքներ չէ կրցած գտնել, ինչպէս նաեւ չէ կրցած ապահովել յաճախորդ մը, որ գնէ ակումբը:
Այժմ 3-րդ դասակարգի ախոյեանութեան պիտի մասնակցին 23 խումբեր:



